Այն օրէն որ դուն զիս դիմաւորեցիր,
Անուշ խօսքերով դուն զիս համոզեցիր,
Կը սիրեմ ըսիր՝ սէրդ յայտնեցիր,
Սէրս առնելով դուն զիս շատ լացուցիր։
Ա՜, ա՜, ա՜, անուշ եար,
Ուզեցի մոռնալ բայց անկարելի է,
Սէրս կը շատնայ, որ անտանելի է,
Կրկին քեզ տեսնել արդեօք կարելի՞ է։
Սիրտս վանդակ շինած եմ քեզի բոյն,
Կ՚երգեմ սէրս յաւերժ մնայուն,
Կարօտ ունիմ ես քո անուշ խօսքերուդ,
Քեզնից զատ ուրիշ մը չեմ սիրած կ՚երդնում։
Apo еще тексты
Оценка текста
Статистика страницы на pesni.guru ▼
Просмотров сегодня: 1