Կիլիկիա Երբոր բացուին դռներն յուսոյ եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ Չքնաղ երկիրն մեր Արմենիոյ երբ փայլի իւր քաղցրիկ օրեր Երբոր ծիծառն իւր բոյն դառնայ երբոր ծառերն հագնին տերեւ՝ ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ Տեսի դաշտերն Սուրիոյ Լեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր տեսի զերկիրն Իտալիոյ Վենետիկ եւ իւր կոնտոլներ կղզի նման չիք մեր Կիպրեայ եւ ոչ մէկ վայր է արդարեւ գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ ուր ամենայն իղձ կ’աւարտի Հասակ մը ուր հոգին ի տենչ՝ յիշատակաց իւր կարօտի Յորժամ քնարն իմ ցրտանայ սիրոյն տալով վերջին բարեւ՝ երթամ ննջել յիմ Կիլիկիա Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ